2016-04-17 09:39:00

Կիրակի 17 Ապրիլ 2016` Կոչումներու աղօթքի 53-դ համաշխարհային օր։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի` 17 ապրիլ 2016-ին, կը նշուի ''կոչումներու համար աղօթքի 53 համաշխարհային օրը''։ Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ  7 դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակած էր ''Եկեղեցին մայր կոչումներուն'' խորագիրով պատգամ մը։

Իր այս պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը կը գրէ ''Որքան կը փափաքէի որ Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ տարուան ընթացքին, բոլոր մկրտուածները կարենային փորձարկել իրենց Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան ուրախութիւնը եւ կարենան յայտնաբերել թէ քրիստոնէական կոչումը, ինչպէս նաեւ յատուկ կոչումները, ծնունդ կ՛առնեն Աստուծոյ Ժողովուրդի ծոցին մէջ, որոնք Աստուածային Ողորմութեան պարգեւներ են։ Եկեղեցին ողորմութեան տունն է եւ արտը ուր կոչումը կը ծլի, կ՛աճի եւ պտուղ կու տայ''։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով Յոբելենական Տարւոյն կոնդակի տիտղոսին` ''Ողորմութեան դիմագիծ'', ներշնչուած Մատթէոս Աւետարանիչի կոչումէն, կը հաստատէ թէ ամէն մէկ կոչում իր ծնունդը կ՛ունենայ Յիսուսի ողորմած հայեացքին մէջ։ Անոր ողորմածութեան ներգործութիւնը կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը բանայ նոր կեանքի որ իր լիութիւնը կը գտնէ կոչումին մէջ։ ''Ապաշխարութիւնն ու կոչումը նոյն մեդալի երկու դիմագիծերն  են'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կը յորդորէ հաւատացեալներուն` կոչումներու օրուան առթիւ, իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կոչումներու ընտրութեան խնամակալութեան ներքոյ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէին առաջին քրիստոնեաները։

Քահանայապետը ապա իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ երեք կեդրոնական նիւթերու. ''Կոչումը կը ծնիկ Եկեղեցւոյ մէջ'', ''Կոչումը կ՛աճի Եկեղեցւոյ մէջ'' եւ ''Եկեղեցին կ՛աջակցի կոչումին'' ։

''Ոչ մէկը կանչուած է բացառապէս յատուկ մարզի մը­, կամ խումբի մը, կամ եկեղեցական մէկ շարժումի մը համար, այլ բովանդակ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի համար'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով թէ Աստուծոյ կոչին համապատասխանելով, երիտասարդը իր եկեղեցական հորիզոնը կը լայնեցնէ, եւ թէ ընտանիքը կը դառնայ այդ յատուկ հասարակութիւնը, որուն մէջ ծիլ կ՛առնէ կոչումը։ Կազմաւորումի գործընթացի ժամանակ թեկնածուները կարիքն ունին աւելիով ծանօթանալու եկեղեցական հասարակութեան, գերազանցելով սահմանափակ տեսողութիւնը եւ ասոր համար նպատակայարմար է, այլ հասարակութիւններու անդամներու հետ առաքելական փորձառութիւններ կատարուին, աւելի մօտէն ճանչնալու համար առաքելական ասպարէզները։  Հուսկ` կոչումի ուղեւորութեան աւարտին, Եկեղեցին շարունակելու է թիկունք կանգնիլ կոչումին, որովհետեւ այն որ իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ, պատրաստ է ծառայելու եկեղեցւոյ, այնտեղ ուր կարիքը կայ ծառայութեան, եւ քրիստոնէական հասարակութիւնը միշտ աջակցելու է եւ ընկերանալու է առաքեալին''։

Նորին Սրբութիւնը  պատգամի աւարտին կ՛ակնարկէ Քահանաներուն, որոնց միջոցաւ կը հռչակուի Յիսուսի խօսքը որ ըսած է ''Ես եմ ոչխարներու դուռը...ես եմ բարի հովիւը''։ ''Կոչումի հովուական խնամատարութիւնը քահանաներու առաքելութեան հիմնական մաս է'' գրած է  Նորին Սրբութիւնը իր 7 դեկտեմբերին հրատարակած պատգամին մէջ որ եզրափակած է  Տիրոջմէ հայցելով շնորհքը` բոլոր անոնց որոնք կոչումի ուղեւորութեան կը ձգտին, խորապէս յարելու եկեղեցւոյ։ Սրբազան Հայրը  ապա կը խնդրէ որ Սուրբ Հոգին ամրապնդէ հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն մէջ, հաղորդութիւնը, խորթափանցումը եւ հոգեւոր հայրութիւնն ու մայրութիւնը։Հուսկ պատգամի աւարտին աղօթք մը կը մատուցէ առ Ողորմած Հայր, հայցելով նոր կոչումներ, եւ Աստուածամօր  բարեխօսութեամբ, քրիստոնեայ հասարակութիւնները, Սուրբ Հոգւոյն պտղաբերութեամբ, ըլլան միշտ կոչումներուն անկեղծ աղբիւրներ`  ի սպաս Աստուծոյ Ժողովրդին։

Տուեալ ի Վատիկան 29 նոյեմբեր 2015








All the contents on this site are copyrighted ©.